image

Ճէմ Էօզտէմիր. «Եթէ հայերը չսպաննուէին, Վան քաղաքը այսօր Արեւելքի Փարիզը կ'ըլլար»

Ճէմ Էօզտէմիր. «Եթէ հայերը չսպաննուէին, Վան քաղաքը այսօր Արեւելքի Փարիզը կ'ըլլար»

Գերմանիոյ խորհրդարանի նիստի ընթացքին, Կանաչներու կուսակցութեան ղեկավար Օզտեմիր յայտնած է, թէ 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը հայերու, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներուն դէմ ցեղասպանութիւն կիրարկած է եւ այդ ցեղասպանութեան դիմաց Գերմանիան լուռ մնացած է։ Ուշագրաւ էր, որ Օզտեմիր իր լամբակին վրայ կը կրէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը խորհրդանշող անմոռուկը։ 

Էօզտէմիր իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնած էր Եոհաքիմ Կուքին, որ գործածած էր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը եւ ըսած՝ «Մինչեւ այսօր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հայկական դէպքերուն վրայ աշխատինք կ'ըսէր ու կ'անցնէր: Ասոր պատճառը այն էր, որ Գերմանիա, 100 տարի առաջ սպանդի ենթարկուած հայերուն չէր օգնած եւ հիմա յանցանքի այդ հոգեբանութեամբ կը տուայտի»: Էօզտէմիր նաեւ նշած էր, որ եթէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը բացայայտուէր, 1938-ին ալեւիներու սպանդը, 1955 սեպտեմբերին Իսթանպուլի մէջ յոյներու դէմ կատարուած յարձակումները, քիւրտերու դէմ այս ճնշումները պիտի չգործադրուէին, աւելցնելով, որ «Եթէ հայերը չսպաննուէին, Վանը Արեւելքի Փարիզը պիտի դառնար:

Էօզտէմին նաեւ նշած է, որ «ասկէ վերջ թրքական վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ ցեղասպանութեան մասին պէտք է գրուի եւ մանուկներու հերոսները Թալաթ Փաշան, Էնվէր Փաշան պէտք չէ ըլլան, այլ Քիւթահիոյ կուսակալը, որ մերժած էր Քիւթահիոյ մէջ ապրող հայերուն սպաննելու Իսթանպուլի կողմէ ղրկուած հրահանգը»: